2014-03-12 10:08:39

«Սուրիոյ մէջ ընդդիմութիւն չկայ, այլ` Երկիրը քանդելու միջազգային որոշում» ընդգծեց Շէյխ Քասեմ


Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ Թեհրանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Իսլամական զարթօնքի խորհուրդին տարեկան նիստին, որուն ընթացքին արտասանեց խօսք մը:
Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան` Քասեմ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող վարչակարգին դէմ ընդդիմութիւն չկայ, ինչպէս նաեւ չկայ ազգային իրաւունքներու պահանջ, այլ կայ միջազգային որոշում մը, որուն նպատակն է քանդել Դիմադրութեան զօրակցող երկիրը եւ հիմնել Իսրայէլի բարեկամ Սուրիա մը:
Քասեմ ընդգծեց, որ այս որոշումը սկսած է բացայայտուիլ` աւելցնելով, որ յստակ է, թէ Սուրիոյ դէմ միջազգային դաւադրութիւն գոյութիւն ունի:
Ակնարկելով Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի գործունէութեան` Քասեմ հաստատեց, որ Հըզպալլա Լիբանանի մէջ փաստած է, թէ ինք կառչած կը մնայ բոլորը համախմբող Դիմադրութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.